2014-02-01 09:53:41

Յունուար 30-ին լոյս աշխարհ եկած է հայ ժողովուրդի Մեծ Անմահներէն` Մովսէս Խորենացին։


Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յունուար 30-ին լոյս աշխարհ եկած է հայ ժողովուրդի Մեծ Անմահներէն Մովսէս Խորենացին, որ իր բանաստեղծական վարակիչ շունչով եւ իմացական¬իմաստասիրական լայն հորիզոնով՝ եղաւ հայոց Պատմահայրը եւ թեւ ու թռիչք տուաւ հայ Ազգային Ոգիին։
Եթէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մեր ժողովուրդին տուաւ իր Ազգային Եկեղեցին ու քրիստոնէական հաւատքը, եթէ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ստեղծեց հայոց գիրերը ու յաւերժութեան արժանացուց հայոց Մայրենին, ապա Խորենացին հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի այն մեծ իմաստունը, որ Ազգային Պատմութիւն ջամբեց հայոց սերունդներուն՝ սեփական արմատներուն կառչած մնալու, մեր նախնիներու հոգեմտաւոր հարուստ ժառանգութեամբ հպարտանալու եւ ժամանակներու փորձութեանց հայօրէ՛ն դիմադրելու գաղափարական ոգի ներշնչելով։
Շատ գրուած է Խորենացիի «Հայոց Պատմութեան» գիտական բնոյթ չունենալու հանգամանքին մասին, բայց պատմագիտականօրէն ամէնէն թերահաւատ ու խստապահանջ հեղինակներն ու քննադատներն անգամ անվարան խոնարհած են Հայոց Պատմահայրի նուաճած անփոխարինելի աւանդին առջեւ, որովհետեւ Խորենացին միայն պատմութիւն չգրեց, այլեւ հայոց Ազգային Ոգին շնչաւորեց՝ զայն իբրեւ զէն ու զրահ կտակելով մեր ժողովուրդին։
Խորենացիի մասին պահպանուած կենսագրական տեղեկութիւնները ժլատ են։ Անոնց մեծ մասը կը պարտինք նոյնինքն Խորենացիին, որ իր «Հայոց Պատմութեան» էջերուն պատահականօրէն ակնարկած է իր կեանքի մանրամասնութեանց։
Հանրագիտական աղբիւրներու համաձայն, Մովսէս Խորենացին ծնած է 5րդ դարասկիզբին՝ 410էն 415 թուականներուն։ Նոյնպէս ընդհանուր է այն ենթադրութիւնը, որ Խորենացի ծնած է Տարօն գաւառի Խորնի կամ Խորոն գիւղը։ (Կայ նաեւ վարկած մը, որուն համաձայն Խորենացիի ծննդավայրը Սիւնիքի Հաբանդ գաւառի Խորեա(ն) գիւղն է)։
15¬16 տարեկանին, մօտաւորապէս 427 թուականին, Խորենացի ուղարկուած է Վաղարշապատ՝ ուսում ստանալու համար: Վաղարշապատի դպրոցին մէջ ան եղած է Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի կրտսեր աշակերտներէն մէկը։ Ուսանած է 5¬6 տարի՝ բացի հայերենէն սորվելով նաեւ յունարէն ու ասորերէն:
431 թուականէն յետոյ, հաւանաբար 434¬435ին, Ուսուցիչները Խորենացին այլ աշակերտներու հետ ուղարկած են Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքը, որ կը նկատուէր այդ ժամանակաշրջանի աշխարհի հոգեմտաւոր կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը, որպէսզի հայ ուսումնականները իրենց պատրաստութիւնը ամբողջացնեն եւ «իսկական ճեմարանին մէջ կատարելագործուին»։
Աղեքսանդրիոյ մէջ Խորենացի կատարելագործեց ոչ միայն օտար լեզուներու, յատկապէս յունարէնի իր իմացութիւնը, այլեւ հմտացաւ փիլիսոփայութեան, քերթողական արուեստին, երաժշտութեան, ճարտասանութեան, աստուածաբանութեան եւ պատմութեան ճիւղերուն մէջ։
5¬6 տարուան ուսումէ ետք, Խորենացի եւ իր ընկերները բռնեցին հայրենիք վերադարձի ուղին՝ նաւ առնելով դէպի Յունաստան: Սակայն ծովային սաստիկ քամիները անոնց նաւուն ուղղութիւնը փոխեցին եւ նաւը յայտնուեցաւ Իտալիոյ ափերը: Օգտուելով առիթէն, հայ երիտասարդ ուսումնականները որոշեցին այցելել Հռոմի սրբավայրերը եւ մօտէն ծանօթանալ ատենի քաղաքակրթական այդ կարեւոր կեդրոնատեղիներուն։ Այնուհետեւ խումբը շարունակեց իր ճամբան եւ հասաւ Աթէնք, ուր անցուց ամբողջ ձմեռ մը՝ շարունակելով ծանօթացման եւ ուսումնասիրութեան իր շփումները հելլէն մշակոյթին հետ։
Գարնան, խումբը վերադարձաւ Հայաստան։ Բայց անոնք Վաղարշապատ հասան Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի վախճանումէն՝ 440 թուի Փետրուարէն յետոյ։ Այս առիթով Խորենացի անկեղծ ու խոր յուզմունքով արտայայտած է իր ապրումները՝ գրելով, թէ «նոյնիսկ չհասայ տեսնելու անոնց աչքերուն փակուիլը, լսելու անոնց վերջին խօսքն ու օրհնութիւնը»:
461 թուականին Խորենացի կարգուեցաւ Բագրեւանդի թեմակալ առաջնորդ եւ լծուեցաւ մանկավարժական, գրական եւ թարգմանական ծաւալուն գործունէութեաւն: Իսկ 470ականներու վերջը, իշխան Սահակ Բագրատունիի պատուէրով, ան ձեռնարկեց իր «Պատմութիւն Հայոց» մատեանի ստեղծումին, որ աւարտեցաւ 482ի նախօրէին՝ մինչեւ Սահակ Բագրատունիի մահը:
«Պատմութիւն Հայոց» աշխատութիւնը բաղկացած է 3 գիրքերէ:
Առաջինին մէջ Խորենացի կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին ծննդաբանութիւնը՝ մանրամասնօրէն լուսարձակի տակ բերելով հայոց անուանադիր նախնի Հայկ Նահապետի եւ անոր սերունդներուն (Արամ, Արամանեակ, Արա եւ ուրիշներ) գործունէութիւնը:
Երկրորդ գիրքը նուիրուած է Արշակունեաց արքայատոհմի պատմութեան եւ կը հասնի մինչեւ Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակելու դարակազմիկ քայլը։
Երրորդին մէջ շարադրուած է Տրդատ Գ. Մեծի յաջորդներուն, Պարսկաստանի ու Հռոմի միջեւ Հայաստանի առաջին բաժանման (387 թ.) եւ Արշակունեաց թագաւորութեան անկման (428 թ.) պատմութիւնը:
Խորենացին իր մատեանը աւարտած է «Ողբով»՝ ներկայացնելով հայոց թագաւորական տան կործանումը, երկրի թշուառութիւնն ու իր հոգեկան տառապանքը: «Ողբի» առաջին տողը հայ ազգի սեղմ ու փայլուն գովերգն է, որ վերածուած է թեւաւոր խօսքի:
Հայկական Հանրագիտարանի արժեւորումով՝ «Պատմութիւն Հայոց»ը Հին Հայաստանի պատմութեան եզակի եւ ստուգապատում սկզբնաղբիւր է. մանրամասն տեղեկութիւններ կը հաղորդէ հին հայկական հեթանոսական կրօնի, մշակոյթի ու դիցաբանութեան, Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ հասարակական կեանքին, ինչպէս նաեւ դրացի ու հեռաւոր երկիրներու պատմութեան վերաբերեալ:
Հակառակ իր նկատմամբ եղած հալածանքին եւ անտարբերութեան՝ Խորենացին եռանդուն կերպով նուիրուեցաւ գրական աշխատանքի։ Կատարեց թարգմանութիւններ։ Գրեց ինքնուրոյն երկեր՝ քերթողական, իմաստասիրական եւ աստուածաբանական։ Տարածում գտած է այն զրոյցը, թէ ծերութեան տարիներուն Պատմահայրը ի վերջոյ արժանացաւ գնահատանքի, մեծարուեցաւ եւ ստացաւ Եպիսկոպո- սական աստիճան:
Խորենացի վախճանեցաւ 490ականներու սկիզբը՝ հիւանդութեան ու աղքատութեան մէջ։
Հայոց Պատմահօր անկորնչելի պատգամը կը հանդիսանայ Խորենացիի թեւաւոր խօսքը.-
«Թէեւ մենք փոքր ածու ենք եւ թուով շատ սահմանափակ ու զօրութեամբ թոյլ եւ շատ անգամ օտար թագաւորութեանց կողմէ նուաճուած, բայց եւ այնպէս մեր աշխարհին մէջ ալ գրելու եւ յիշատակութեան արժանի շատ սխրագործութիւններ են կատարուած»:








All the contents on this site are copyrighted ©.